2014-02-14 09:35:38

Եւրոպայի պաշտպան սուրբ` Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս եղբայրներու տօնը` Սլավ ազգի առաքեալներ։


Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս ս. եղբայրները, ծնած են 9-րդ դարու սկիզբը։
Կիւրեղ Ս. Գրիգոր Նազիանցիէն սորվեցաւ լեզուին արժէքը՝ Աստուածային Յայտնութեան փոխանցումին համար։ Հետեւելով Ս. Գրիգորին, ան Աստուծմէ խնդրեց շնորհքը՝ սորվելու Սլավ լեզուն։ Երկու սուրբ եղբայրները նախ Սլավ գիրերը յօրինեցին եւ ապա ծէսը Սլավ լեզուով գրեցին, ինչպէս նաեւ նուիրուեցան ուրիշ աստուածաբանական շատ մը գիրքերու թարգմանութեան։ Այսպէս ի յայտ եկաւ կիւրեղեան լեզուն։ Ասիկա եղաւ վճռական դէպք մը Սլավ մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ծաւալումին ի սպաս։ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները այն համոզումը ունէին թէ կարելի չէ ազգի մը համար ճանչնալ Յայտնութիւնը եթէ ոչ սեփական լեզուով։ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս կը ներկայացնեն դասական օրինակը մշակոյթի պատշաճացումին։ Ամէն ազգ իր լեզուով պէտք է հասկնայ յայտնուած պատգամը եւ անով յայտնէ փրկարար ճշմարտութիւնը։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը երկու սուրբ եղբայրները` Կիւրեղ եւ Մեթոտիոսը հռչակեց Եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր ս. Պենետիկտոսի հետ միասին։
2013ին մեծ շուքով նշուեցաւ, Սուրբ Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս եղբայրներու ''Մեծ Մորավիայի'' թագաւորութեան մուտքին 1.150րդ յոբելեանը։
Յայտնենք որ Հռոմի Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի մէջն է որ վաւերացուեցաւ երկու եղբայրներու Սլավ լեզուով ներկայացուած Ծէսը իսկ Հռոմի Սուրբ Կղեմես Պազիլիքայի մէջ զետեղուած է Սուրբ Կիւրեղի դամբանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.